Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան հանդէս եկած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութեամբ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Փայլան նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ՝ եկող տարուան պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումներուն ժամանակ:
«Նախքան 1915 թուականը այս հողերուն վրայ՝ Սպարտայի, Մերսինի, Ատանայի, Տրապիզոնի, Տիգրանակերտի, Պուրսայի մէջ, հայեր կը բնակէին եւ այս երկրին մէջ իւրաքանչիւր հինգէն մէկը հայ էր, իսկ հիմա մարզադաշտ մը չենք կրնար լեցնել, եթէ հաւաքուինք: Անշուշտ, չգոլորշիացանք: Տեղի ունեցաւ մեծ աղէտ, որ, դժբախտաբար, 104 տարիէ ի վեր կը ժխտենք ուրացման քաղաքականութեամբ, կը հրաժարինք այդ մասին խօսելէ:
Տեսէք, այլ խորհրդարաններ կը խօսին այդ մասին, իսկ մենք կ՝ըսենք թող չխօսին: Նիւթին մասին, որ կը վերաբերի այս տարածաշրջանին, թող խօսուի ա՛յս տարածաշրջանին մէջ: Եթէ այս աշխարհի վրայ կայ խորհրդարան մը, ուր այս մասին պէտք է խօսուի, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովն է, որովհետեւ մենք այս հողերուն զաւակներն ենք»,- յայտարարած է Փայլան: